ՎԵՐ. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ Նիւթ, Հոգեւոր Իւղի Բաւարարութիւնը՝ Սպասման Ժամանակ (1-ՆՈՅԵ,-26) ՄԱՏԹԷՈՍ 25:1-13
Armenian Brotherhood Bible Church of Toronto
0:00 / 0:00
ՎԵՐ. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ Նիւթ, Հոգեւոր Իւղի Բաւարարութիւնը՝ Սպասման Ժամանակ (1-ՆՈՅԵ,-26) ՄԱՏԹԷՈՍ 25:1-13
322 просмотра · 4 дн. назад
Armenian Brotherhood Bible Church of Toronto
637 подписчиков
322 просмотра · 4 дн. назад
Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. Սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։ Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. «Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են»։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. «Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար»։ Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 25:1-13