Opening Ceremony of the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre
TorontoHye TV
0:00 / 0:00
Opening Ceremony of the Nareg Armenian Educational and Cultural Centre
2 747 просмотров · 2 дня назад
TorontoHye TV
1,22 тыс. подписчиков
2 747 просмотров · 2 дня назад
Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի Սեպտ. 20Ին մասնակցութեամբ Գանատայի թեմի առաջնորդ՝ Տէր բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Սբ Աստոածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ եւ օրուայ պատգամաբեր ընկ. Տարօն տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ Ռաֆֆի Տօնապետեանին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄի, համազգայինի, ՀՄԸՄի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններուն, ՀՅԴ գանատայի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անդամներուն, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի եւ համազգայինի գլաձոր մասնաճիւղի վարչութիւններուն, ՀՕՄ-ի պապայեան, Գոլոլեան եւ Լափոյեան վարժարանի աշակերտներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասերուն, Թորոնթոհայ համայնքի բոլոր յարանուանութիւններու հոգեւոր հայրերուն եւ հոգաբարձութիւններուն, Թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետարանի հրաւիրեալ անդամներուն : Իսկապէս պատմական եւ հպարտալի օր էր Թորոնթոհայութեան համար: Նարեկ հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնը պիտի դառնայ հայապահպանութեան, լեզուի եւ մշակոյթի անսասան օճախը եւ այս վարժարանէն եւ յարկէն ներս հայ պատանիները պիտի մեծնան հայկական ոգիով եւ շունչով: Շնորհաւոր մեր ամբողջ համայնքին այս նոր նուաճումին համար որ պիտի կերտէ յաջորդ սերունդին ապագան: