Մի՛ արգիլէք, որ մանուկները ինծի գան
ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
0:00 / 0:00
Մի՛ արգիլէք, որ մանուկները ինծի գան
2 834 просмотра · 1 год назад
ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
10,4 тыс. подписчиков
2 834 просмотра · 1 год назад
«Մի՛ արգիլէք, որ մանուկները ինծի գան, որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը այսպիսիներունն է» (Մարկ. 10.14) բնաբանով եւ յայտնեց, որ եկեղեցիներու հիմնարկներու հիմնական պարտականութիւններէն է օժանդակել կարիքաւոր ընտանիքներու։ Իրաւ է, թէ վարժարանները միշտ մեր օրակարգի ամենէն կարեւոր նիւթերէն եղած են, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ թէ եկեղեցին ունի նաեւ զանազան պաշտօններ եւ ներկայիս տնտեսական գետնի վրայ մարդիկ առաւել կարիքը կ՚ունենան եկեղեցւոյ զօրակցութեան։ Այս առթիւ շեշտեց որ Պոլսոյ մեր համայնքը միայն պատմութեան մէջ համայնք մը չէ։ Իրաւ է, թէ ունի անցեալ մը, սակայն ապրող համայնք է եւ ունի ապագային փոխանցելի արժէքներ։ Այս առումով մարդասիրական մերձեցումով անցեալին պատահած են մեծ հրաշքներ, որոնց լաւագոյն օրինակներէն է Էսաեան հարազատներու կատարածը։
Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեան հարազատներու հաւատքին եւ ազգանուէր ծառայութեան։ Իրենք լաւ սերտած էին Պէյօղլուի շրջանի հայութեան կարիքները եւ այս ուղղութեամբ 130 տարիներ առաջ Թաքսիմի մէջ հիմը դրած էին Էսաեան Վարժարանի եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ։ Այսօր ի զուր չէ որ բոլոր մարմինները արդար հպարտութեամբ կ՚ողջունէին այս պատմական յոբելեանը եւ այս ուղղութեամբ Պատրիարք Հայրը դիմած էր Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի սրբատառ կոնդակով Մայր Աթոռոյ օրհնութիւնը միացնէ մեր հաստատութիւններուն եւ իրենց համար սպասարկող ժողովուրդին։