Կիրկանօրեայ Ժամերգութիւն եւ Սուրբ Պատարագ - 18/10/2026
Sourp Kevork Armenian Church Laval
0:00 / 0:00
Կիրկանօրեայ Ժամերգութիւն եւ Սուրբ Պատարագ - 18/10/2026
1 798 просмотров · Трансляция закончилась 1 день назад
Sourp Kevork Armenian Church Laval
1,27 тыс. подписчиков
1 798 просмотров · Трансляция закончилась 1 день назад
6րդ Կիրակի Խաչվերացէն ետք
Յիսուս Գալիլեայի մէջ իր առաքելութեան կը սկսի
14Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւըտարածուեցաւ։ 15Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին։
16Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց։ Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, 17իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը։ Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ՚ըսէր.–
18 «Տիրոջ Հոգին վրաս է.
որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝
աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու,
սրտաբեկները մխիթարելու,
19 գերիներուն ազատութիւն բերելու,
կոյրերուն աչքերը բանալու,
հարստահարուածները ազատելու
եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը,
երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»։
20Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ։ Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին 21Ֆերբ ըսաւ.
– Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ։
22Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ՚ըսէին.
– Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
23Յիսուս ըսաւ.
– Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»։ Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։