Նիւթ, (Աստուած խօսող ու գործող է։) (Ա. Մաս) ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 17:16-34 (18-ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ-2026)
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ ՏԷՐՍ Է
0:00 / 0:00
Նիւթ, (Աստուած խօսող ու գործող է։) (Ա. Մաս) ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 17:16-34 (18-ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ-2026)
269 просмотров · 2 нед. назад
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՄ ՏԷՐՍ Է
1,16 тыс. подписчиков
269 просмотров · 2 нед. назад
Պօղոս Աթէնքի մէջ անոնց սպասելով՝ իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր։ Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ որոնց որ պատահէր։ Ու Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներէն մէկ քանիներ իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Այս սերմանաքաղը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Կ’երեւի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». վասն զի Յիսուսը ու յարութիւնը կ’աւետարանէր անոնց։ Առին զանիկա Արիսպագոս տարին ու կ’ըսէին. «Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որ դուն կը քարոզես. Քանզի մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես, ուրեմն կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք»։ (Վասն զի Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու։) Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։ Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ։ Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի, Ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ Բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու. Որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ. Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’։ Ուստի՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։ Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։ Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։ Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։ Ապա Պօղոս անոնց մէջէն հեռացաւ։ Սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ։
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 17:16-34