Перейти к содержимому

Արա Եղբ. Գըլըճեան Նիւթ, (Աստուած կը խօսի՞ Այսօր) ՅԱԿՈԲՈՒ 2:14-26

Armenian Brotherhood Bible Church of Toronto

0:00 / 0:00

Արա Եղբ. Գըլըճեան Նիւթ, (Աստուած կը խօսի՞ Այսօր) ՅԱԿՈԲՈՒ 2:14-26

165 просмотров · 2 нед. назад
Armenian Brotherhood Bible Church of Toronto
637 подписчиков
165 просмотров · 2 нед. назад
Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա։ Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ Ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։ Նաեւ կրնայ մէկը ըսել թէ՝ «Դուն հաւատք ունիս, ես ալ գործեր ունիմ. դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս։ Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին Բայց կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու ։ Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ։ Եւ գրքին խօսքը կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։ Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք ։ Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։ ՅԱԿՈԲՈՒ 2:14-26